ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՆԱՀԱՏԵՑ Տ. ՄԱՂԱՔԻԱ ԱԲԵՂԱՅ ՊԵՍՔԻՍԻԶԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պէսքիսիզեանը, որ իր բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Եւրոպայի մէջ։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, Պելժիոյ մէջ Լիէժի եւ շրջակայքի ծուխին հոգեւոր հովիւն է։ Հայր սուրբը, որ  ներկայիս իր աւարտաճառին վրայ կ՚աշխատի, այս օրերուն կարճ այցելութիւն մը կու տայ քաղաքս եւ իր կեցութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայացաւ ստանալու համար անոր օրհնութիւնը։

Հանդիպման ժամանակ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց հայր սուրբը, տեղեկութիւն ստացաւ իր գիտական աշխատանքի ընթացքին շուրջ եւ իր օրհնութիւնը տալով յաջողութիւն մաղթեց անոր։  

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2023