ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԽԱԼԵԱՆԻ ՑԱՒԱԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական համակարգի երախտաշատ ու փորձառու դէմքերէն Կարապետ Մխալեան։ Այս կորուստը իսկապէս յուզում պատճառած է մեր համայնքի կրթական շրջանակներուն, որովհետեւ Կարապետ Մխալեանի տխուր հրաժեշտը կը համարուի անժամանակ։ Արդարեւ, ան տակաւին խոր ծերութեան հասած չէր եւ կը շարունակէր իր ներդրումը բերել մեր համայնքային կեանքին։

Կարապետ Մխալեան սերած էր ընտանիքէ մը, որու արմատները կը հասնէին թրքահայոց գաւառի մնացորդացին։ Պոլիս հասնելով ան ուսանած էր Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ։ Բնականաբար, այդ մէկը պարզ ուսում մը չէր եղած իրեն համար։ Դպրեվանքի երդիքին տակ ան հասած էր հեղինակաւոր անուններու շունչով եւ գիտելիքներ ամբարելու առընթեր հաղորդ դարձած էր մեր լեզուին, մշակոյթին եւ ընկերային ապրումներուն։ Համալսարանը աւարտելէ վերջ նուիրուած էր կրթական ասպարէզին։ Որպէս ուսուցիչ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցելու առընթեր, երկար տարիներ եղած էր Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնը։ Միջոց մը զբաղած էր նաեւ առեւտուրով։ Վերջին տարիներուն կը զբաղեցնէր Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչի պաշտօնը։ Իսկ բոլորովին վերջերս խումբ մը գաղափարակիցներու հետ ստանձնած էր Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ղեկը՝ որպէս ատենապետ։

Կարապետ Մխալեան միջոցէ մը ի վեր կը տառապէր սրտի երակներու խցանումէ, նաեւ թոքերու անբաւարարութենէ։ Մօտաւոր անցեալին հիւանդանոցի մէջ դարմանուելէ վերջ, այս վերջերս վերստին հարկադրաբար փոխադրուած էր «Պեզմիալէմ» հիւանդանոցը։ Մասնագէտները հնարաւոր ամէն ինչ փորձեցին վերականգնելու համար իր առողջութիւնը, սակայն իրեն համար ի սպաս դրուած խնամքը դժբախտաբար մնաց անբաւարար եւ Կարապետ Մխալեան աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր սիրելիները։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք հարազատներուն՝ ի մասնաւորի Տենչա-Տքթ. Արա Էրոլ Չընար ամոլին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2019