ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ԹԵՄԱԿԱՆ-ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս գումարուեցաւ այս տարուան հերթական թեմական պատգամաւորական ժողովը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան նախագահեց նիստերուն, որոնց ատենապետեց տքթ. Խաչիկ Կազէր։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն ընդունեց «Գթութեան խոհանոց»ի կառավարման կոմիտէի ղեկավար Քլաուս Փաւելի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։ Հարկ է նշել, որ «Գթութեան խոհանոց»ը կը գործէ Գերմանիոյ մէջ եւ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր բարեգործական ծրագիրներ կ՚իրականացնէ Հայաստանի մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, շաբաթավերջին ուխտի այցելութիւն մը տուաւ Կոտայքի թեմ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Առաքել Արք. Քարամեանի կողմէ։
Ամենայն Հայոց Հայրապետը վեհարանի մէջ ջերմօրէն ողջունեց Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը:
ՍԱՀԱԿ Բ.
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հոգիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեանի յոբելեանը, որուն առթիւ կազմակերպուեցաւ մասնաւոր երեկոյթ մը։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջին օրերուն մասնակցեցաւ Սուրբ Էճիտիօ կաթողիկէ համաշխարհային համայնքի տարեկան հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, շաբաթավերջին Մենհեթթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց՝ Գիւտ Խաչի տօնին առթիւ։ Արարողութեան ընթացքին կազմուեցաւ թափօր եւ «Նշանաւ ամենայաղթ» շարականի երգեցողութեամբ հաւատացեալները համախմբուեցան Չարխափան Ս. Աստուածածնի սրբապատկերին առջեւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Կը տեղեկանանք, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով պիտի մեկնի Հայաստան։
Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի հաստատման 100-ամեայ յոբելեանը երէկ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Լոնտոնի մէջ։ Այս առթիւ, Լոնտոնի Ս. Սոֆի յոյն ուղղափառ մայր տաճարին մէջ գոհաբանական Ս. Պատարագ մատոյց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։