Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գտնուի, շաբաթավերջին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս հանդիսապետեց Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Հայաստանի Արտաշատ քաղաքին մէջ, Մասիացոտնի թեմի առաջնորդանիստ Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը։ Այս վերջինը փութացած էր ներկայացնելու համար յառաջիկայ շրջանին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածու հանդիսացած իր նոր գործընկերները։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, շաբաթավերջին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս հանդիսապետեց Շիքակոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելեց Հայաստանի Վայոց Ձորի մարզի Ջերմուկ քաղաքը, որ թիրախաւորուած էր անցեալ սեպտեմբերի 13-ին Ատրպէյճանի բանակին կողմէ կատարուած յարձակումներուն ժամանակ։ Ներկայիս ալ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները կը գտնուին այս քաղաքի մօտակայքին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օծման ու գահակալութեան 23-րդ տարեդարձը:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) անցեալ շաբթուան ողջ տեւողութեան ընդլայնուած կազմով նստաշրջան մը իրականացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը ծաւալուած աշխատանքի լոյսին տակ հրապարակեց եզրափակիչ հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին մասին:
Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին որոշած է պարգեւատրել Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Փութինի որոշումով Վեհափառ Հայրապետին պիտի շնորհուի Ռուսաստանի Պատուոյ շքանշանը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը: