ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն (ԱՄԷ) պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, սոյն պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր Շարժայի Ժառանգութեան կաճառի նախագահ տքթ. Ապտիւլազիզ էլ Մուսալլամ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ. «Պէտք է բանալ եկեղեցական դռները, որպէսզի երիտասարդները տեսնեն, թէ այնտեղ սէր կայ»:
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին ուսման համար կը գտնուի Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս ընծայարանին մէջ, երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ մատոյց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարի երդիքին տակ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի նախագահութեամբ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ նախընթաց օր երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որ ձօնուած էր Վատիկանի Բ. ժողովի բացման 60-ամեայ յոբելեանին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-պատրիարք Մար Աւա Գ. Ռոյէլին։ Երկու հոգեւոր պետերը ողջագուրուեցան ջերմօրէն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը օրհնութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած 92-րդ համագումարի պաշտօնական բացման արարողութեան ընթացքին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 10-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ վերջին օրերուն Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը։
PATRİK SAHAK II
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան երէկ պատարագեց եւ քարոզեց Թրամպըլի Ս. Համբարձում եկեղեցւոյ մէջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, որ անցեալ յուլիսի 16-ին երթեւեկի արկած մը անցուցած էր, ներկայիս արդէն զգալիօրէն յաղթահարած է դէպքին ծանր հետեւանքները։