ԿԱՐԵՒՈՐ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը վերջին օրերուն կարեւոր յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ անդրադառնալով առկայ պատերազմական իրավիճակի մէջ պաշտամունքներու կազմակերպման։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Սուրբ Աթոռի դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակութիւնը շաբաթավերջին հանդիսաւոր արարողութիւնով մը նշուեցաւ Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի հայոց Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ։ Այս վերջինը կաթոլիկ եկեղեցի մըն է, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները կը պահուին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երէկ առաւօտ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նարեկ քահանայ Տէյիրմենճեան։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին գոհաբանական աղօթք մը տեղի ունեցաւ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակութեան առթիւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ցաւակցական մը ուղարկեց՝ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքի վախճանման առթիւ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ