ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ՊԱՐԹԵՒ ԵՊՍԿ. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ ԺԸՆԵՒԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԱՏՈՅՑ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմին տեսակէտէ երէկուան օրը յատկանշական ու պատմական էր. նոր թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն ներս, երէկ, տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առթիւ պաշտօնական ընթրիք մը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած երեկոյթը անցաւ տօնական մթնոլորտի մէջ։
Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Հայ Երուսաղէմէ ներս մշտական արժէքներու պահպանման ուղղութեամբ հետեւողական քայլեր:
ԳՀԽ մերժելի կը նկատէ պետական եւ իրաւապահ մարմիններու ներգրաւմամբ ապօրինի գործողութիւններն ու եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտութիւնները:
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը հայ ժողովուրդի քրիստոնէական վկայութեան մշտական յատկանիշը նկատեց նահատակութիւնը:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարգալոյծ հռչակեց Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի երէկուան ժողովին առնուած որոշման հիման վրայ՝ Հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ եղած է Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան։
Ս. Պօղոս առաքեալի դարձի տօնին առթիւ, շաբաթավերջին, Թարսուսի մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզին մէջ շեշտը դրաւ միասնութեան ծառը խնամելու գաղափարին վրայ:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ մատուցուեցաւ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Հայաստանի Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեանի։