ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Յունիսի 27-ի առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններու ուժեր՝ մուտք գործելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ վեհարանի տարածք, փորձեցին ձերբակալել Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը, որ Մայր Աթոռ ժամանած էր քահանայից տարեկան ժողովի առթիւ՝ իբրեւ հաւաքի համակարգող։
Հայաստանի մէջ եկեղեցի-պետութիւն հակադրութիւնը թեւակոխեց նոր հանգրուան մը։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) պաշտօնեաները այս առաւօտ ներխուժեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ ձերբակալելու համար Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը, որ նախօրէին երկրէն ներս ռազմական յեղաշրջման մը անհրաժեշտութեան մասին խօսած էր եւ այս պատճառով իրեն դէմ հարցաքննութիւն սկսած էր։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց խումբ մը երիտասարդներ, որոնք Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) զանազան ծրագրերով Հայաստան այցելած էին։
Եկեղեցւոյ դէմ իշխանութեան արշաւի սաստկացման պայմաններով հերթական տեսակցութիւն:
Եշիլգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին նշեց թաղի Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դասու հիմնադրութեան 112-րդ տարեդարձը։ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Սա հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքով Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի հաստատման յիշատակութեան տօնն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ յիշատակեց Սուրբ Յովհաննէս Կարապետն ու Սուրբ Աթանագինէ Եպիսկոպոսը։ Այս վերջիններուն յիշատակութեան տօնը, միեւնոյն ժամանակ, Վաղարշապատի Սուրբ Շողակաթ վանքի ուխտի օրն է։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Սրբոց Գայեանեայց կոյսերու յիշատակը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան՝ բարձր հովանաւորութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, որ նահատակ սրբուհիի մասունքի աջով օրհնեց բարեպաշտ ժողովուրդը։