ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետական աթոռներուն եւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ յայտարարութիւններ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը իրերայաջորդ հրապարակումներով ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Սուրբ Էջմիածնի դէմ իշխանութիւններու պախարակելի ոտնձգութիւններուն, վարչապետի անձնական վրէժխնդրութեան, նաեւ եկեղեցականներու դէմ թշնամանքի ու ատելութեան խօսքի կապակցութեամբ:
Սոյն թուականի յունիսի 27-ը Հայ Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած խայտառակ գործողութիւններով մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ կը մնայ՝ որպէս ազգային ամօթի օր։
27 յունիս 2025 ուրբաթը վիթխարի ամօթի օր. դաւադիր հարուած հայոց հնագոյն ազգային հաստատութեան՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ:
Հայաստանի մէջ եկեղեցի-պետութիւն հակադրութիւնը թեւակոխեց նոր հանգրուան մը։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) պաշտօնեաները այս առաւօտ ներխուժեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ ձերբակալելու համար Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը, որ նախօրէին երկրէն ներս ռազմական յեղաշրջման մը անհրաժեշտութեան մասին խօսած էր եւ այս պատճառով իրեն դէմ հարցաքննութիւն սկսած էր։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց խումբ մը երիտասարդներ, որոնք Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) զանազան ծրագրերով Հայաստան այցելած էին։
Եկեղեցւոյ դէմ իշխանութեան արշաւի սաստկացման պայմաններով հերթական տեսակցութիւն:
Եշիլգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին նշեց թաղի Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դասու հիմնադրութեան 112-րդ տարեդարձը։ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Սա հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքով Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի հաստատման յիշատակութեան տօնն է։