Եկեղեցական

ԴՐԱՄԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ դրամական աջակցութեան ծրագիր յառաջ տանիլ՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու համար։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կ՚իրականացնէ դրամական աջակցութեան ծրագիր՝ 19 սեպտեմբեր 2023 թուականին, Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով բռնի տեղահանուած, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ բնակութիւն հաստատած արցախցի այն ընտանիքներուն, որոնք ունին չորս եւ աւելի անչափահաս երեխայ։

ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՏԱՐՕՆ ԵՊՍԿ. ՃԷՐԷՃԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երէց անդամներէն Տ. Տարօն Եպսկ. Ճէրէճեան վախճանած է 86 տարեկան հասակին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն անդամներէն սրբազանի վախճանումը խոր ցաւ յառաջացուցած է եկեղեցական շրջանակներէն ներս։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԻՆ ՀԵՏ ՇՕՇԱՓԵՑ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ»Ի ՀԱՐՑԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն Ժոֆրուա Տիտիէն, որուն ընկերացաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ տը Քոթինյի։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԱՄՆ-ԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն պատուիրակութիւն մը։ Թեմի հոգեւորականաց դասէն քահանայ հայրերու առընթեր, պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարդան Նազիլեան։

ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Արեւելագիտութեան քահանայապետական կաճառէն ներս բովանդակալից զեկուցումներով երկօրեայ աշխատանք:
Վատիկան դրոշմաթուղթ մը թողարկեց Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի յիշատակին. «Աստուածաբան եւ ինքնատիպ հոգեւոր հեղինակ՝ իր եկեղեցւոյ վարդապետութեան իրազեկագիտութեամբ եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն լիակատար նուիրումով»:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՅԻՇԱՏԱԿԵՑ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉՆԵՐԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին յիշատակեց հայոց առաջին լուսաւորիչները՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները։ 2015 թուականէն ի վեր այս տօնը Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով հռչակուած է՝ աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան հանդիսութիւններուն։ Արարողութեանց ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գիրքը։ Սա հայր սուրբին կողմէ պաշտպանուած վարդապետական թէզի գիրքի ձեւաչափով հրատարակութիւնն է։

Էջեր