Եկեղեցական

ԿԻՒՄՐԻԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Շիրակի թեմէն մեկնած ուխտաւորներ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ Նորին Սրբութիւնը մէկտեղուեցաւ Կիւմրիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ուխտաւորներուն հետ՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարուժան Քհնյ. Տէրտէրեանի։

ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԸ ԿԸ ԿԵՐՏԷ ԳԻՏԱԿ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ, ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՇԱԿՆԵՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2018-19 ուսումնական տարուան բացման արարողութիւնը, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդիսութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ վերջ կատարուեցաւ ուսանողներու օրհնութեան կարգ։ Հնչեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ճեմարանի օրհներգները։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՁՕՆՈՒԱԾ ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ»

Լիբանանի «Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբում»ի շուրջ 75 անդամներու Հայաստան այցելութեան առթիւ մասնաւոր հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, որուն կ՚ընկերանար Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան։

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Գերմանիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս օրերուն կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ Հայնրիխ Եպսկ. Պետֆորտ-Շթրոմը։

ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ռումանահայ խումբ մը ուխտաւորներ։ Քոստանցա քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Օշական Քհնյ. Խաչատրեանի կողմէ առաջնորդուեցաւ ուխտաւորներու խումբը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի «Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբման» 75 անդամուհիները։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՒ ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՐԻՒՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այցելեց Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան «Եոլեան» արիւնաբանական կեդրոնը։ Վեհափառ Հայրապետին հետ էր «Սիթի օֆ սմայլ» բարեգործական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան։

ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի զինեալ ուժերէն հինգ զինուորներ, որոնք վերջերս դարմանման համար մեկնած էին Հնդկաստան։ Այդ զինուորները փրոթեզի դարմանումի համար ուղարկուած էին Հնդկաստան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ վար-չութեան աջակցութեամբ։

Էջեր