ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶ ԵՒ ԱՐՑԱԽ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր հայրապետական այցելութեան ձեռնարկած է դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզը եւ Արցախ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Սիւնիքի մէջ Վեհափառ Հայրապետը Հանրապետական մաղթանքի արարողութեան կը նախագահէ Գորիս քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։
Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած ծանր պայմաններուն ներքեւ, Հայաստանի հանրային կարծիքը ցնցուած է վերջին օրերուն կատարուած բացայայտումով մը։ Այսպէս, լրատուամիջոցները ողողուած են տեսանիւթով մը եւ անոր արձագանգներով։
Ծանօթ է, թէ քորոնաժահրի համավարակի տարածումը կանխարգելու նպատակաւ վերջին անգամ կառավարական որոշումով հրապարակուած սահմանափակումները 17 մայիս 2021, երկուշաբթի, ժամը 05.00-էն սկսեալ ենթարկուած են բարեփոխման։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Կիլիկեան Աթոռի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ զրոյցի ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի եւ Լիբանանի ներքին կացութեան վերաբերեալ հարցեր։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած նորանշանակ դեսպաններ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ Անգլիոյ դեսպան Ճոն Կալակերի եւ Արժանթինի դեսպան Մարիանօ Վերկարայի հետ։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ քահանայից տարեկան հաւաք, որուն մասնակցեցան 184 եկեղեցականներ՝ Հայաստանի եւ Արցախի թեմերէն։ Նախ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս Արեւագալի ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը պատրաստուի այցելել Արցախ։ Երեւանի «Ժողովուրդ» օրաթերթի այս օրուան թիւին մէջ հաղորդուած է, որ Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 3-6 յունիսին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ վերջերս այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, արդէն աւարտած է իր շփումները։ «Պայքար» շաբաթաթերթի հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցած է ամերիկահայ կարգ մը ազգայիններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներու հետ։
Ս. Ներսէս ընծայարանի սաներէն Ալպերթ սարկաւագ վերանուանուեցաւ Տ. Կիւրեղ Քհնյ. Համբարձումեան: