ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս շաբաթավերջին գումարուեցաւ Թեմական պատգամաւորական ժողով, որու ընթացքին կատարուեցաւ թեմական մարմիններու ընտրութիւն։ Քէօլնի Առաջնորդարանի համալիրէն ներս գումարուած ժողովին նախագահեց առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ընդհանուր քարտուղար տքթ. Եոհան Սաքայի հետ։ Զրուցակիցները շօշափեցին ԵՀԽ-ի դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ անդրադարձան յառաջիկայ տարի նախատեսուած համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Հայաստանի մէջ այս շրջանին օրակարգի վրայ եկած է տօնական արձակուրդներու կրճատումը, ինչ որ հասարակական հարթութեան վրայ ալ քննարկման նիւթ կը դառնայ։ Իշխանութիւններու այս նախաձեռնութիւնը վերջնական տեսք պիտի ստանայ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուելիք օրէնքով։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Անցեալ շաբաթավերջի գահակալութեան պաշտօնական արարողութենէն վերջ ան Պէյրութի մէջ ընդունուած էր Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի կողմէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանի պետական քարտուղարի ընդհանուր հարցերով փոխանորդ Արքեպիսկոպոս Էտկար Փենիա Փարայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Երեւանի մէջ նախընթաց օր պաշտօնապէս բացուեցաւ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան շէնքը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ հոկտեմբերի 10-ին, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած 25 նոր սարկաւագները։ Վեհարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։
Երէկ, Պէյրութի մէջ, Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն ընդունեց կաթողիկէ հայոց նորընտիր Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը։ Հանդիպման ընթացքին ան շեշտեց, որ Լիբանանի հայ կաթոլիկները պատրաստ են միշտ ծառայելու իրենց երկրին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արագ ապաքինում մաղթեց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին, որ դէպի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ընթացքին անհանգստանալով հիւանդանոց փոխադրուած էր Ուաշինկթընի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը արդէն հիւանդանոցէն դուրս եկած է եւ կը շարունակէ իր հովուապետական այցելութիւնը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի մօտ ՄԱԿ-ի մշտական ներկայացուցիչ Ճուանայ Որոնեկայը։ Կիլիկեան Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ճուանայ Որոնեկայ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի՝ Լիբանանի վերաբերեալ առկայ մտահոգութիւններուն ու առաջադրանքներուն։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ շնորհաւորականներ: