ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻ ԳԱՀԱԿԱԼԸ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան։
Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» համաժողովի լոյսին տակ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը:
Առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի օծման 10-ամեակին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն արարողութիւններ:
Երէկ, Խաչվերացի տօնին առթիւ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց տաղաւարի արարողութիւններուն, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց։ Նորին սրբազնութեան առընթերակայ էր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, որ այլ սարկաւագներու եւ դպիրներու հետ սպասարկեց Ս. Սեղանին։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց Քերոլայն Քոքսը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանը։ Զրոյցի ընթացքին արժեւորուեցան Արցախէ ներս ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակին, եկեղեցի-հասարակութիւն կապին վերաբերեալ հարցեր։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համաժողով. «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն»: Կոչ համայն աշխարհին:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի յայտարարութիւնները: