ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ԽՆԴՐԵԼ՝ ՇՆՈՐՀԱՏՈՒ ՏԻՐՈՋՄԷ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գոհութիւն եւ փառք կը վերառաքենք առ բարձրեալն Աստուած, որ արժանի դարձուց անգամ մը եւս հոգեկան ցնծութեամբ եւ յուսադրումներով դիմաւորելու Ամանոր մը։ Կրկին մեր հարազատներով ի մի համախմբուելով բաժնեկից կը դառնանք ամանորեան սիրոյ զօրութեան, քանզի Աստուած ինքզինք յայտնեց սիրոյ գաղափարի ճամբով համայն մարդկութեան. «Գոհութիւն կը յայտնեմ քեզի՝ քու սիրոյդ եւ հաւատարմութեանդ համար, որովհետեւ ամէն ինչէ գերազանց են անունդ եւ խոստումներդ» (Սղմ. 139.2)։
ԱԼԷՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Պատրիարքարանը ներկայ տարեմուտին արդէն լոյս ընծայած է հերթական պաշտօնական օրացոյցը։ Այսպէս, ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռը հրատարակեց 2022-ի «Եկեղեցական օրացոյց»ը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին տօնախմբեց Ս. Ստեփանոս նախավկայի եւ առաջին մարտիրոսի յիշատակութեան օրը։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայող սարկաւագներու աւանդական տօնն է։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մատենադարանը արդէն համակարգած ու մշակած է տպագիր մամուլի ամբողջ հաւաքածոն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Անթիլիասի Հայագիտական կեդրոնի աշակերտներուն հետ։ Ան այս առթիւ գնահատեց կեդրոնի աշակերտութեան կողմէ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը դասընթացներուն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Իրանէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որ այցելեց Երեւան։ Այսպէս, Իրան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի պատգամաւորները Վեհարանի մէջ ընդունուեցան Նորին Սրբութեան կողմէ։
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի՝ ուսման համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնելուն արձագանգները կը շարունակուին։ Անցեալ շաբաթավերջին ան Հայաստանի մէջ առաջին անգամ Ս. Պատարագ մատոյց՝ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի յիշատակութեան տօնի առթիւ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին պարգեւատրեց Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը, որ բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ՝ որպէս հրապարակագիր։