ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԱՌԻԹ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՄԱՆ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին նշեց իր հիմնադրութեան 559-րդ տարեդարձը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, այս առթիւ շաբաթավերջին գոհաբանական աղօթք մը կատարուեցաւ եւ ժամերգութեան ընթացքին մեր հոգեւոր հայրերու մաղթանքը եղաւ Պատրիարքական Աթոռի անսասանութիւնն ու անոր գահակալի արեւշատութիւնը։
Ցաւալի դէպք մը պատահած է 23 մայիս 2020, շաբաթ՝ այս անգամ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ փողոցի դրան առջեւ։ Երբ արդէն փողոց ելլելու արգելք կար շաբաթավերջին, անծանօթ անձ մը եկեղեցւոյ արտաքին դրան վրայ բարձրանալով կոտրած է այդտեղ գտնուող մետաղեայ խաչը, գետին նետած ու ապա՝ հեռացած վայրէն։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ ստանալ նուիրատուութիւններ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կոչին ընդառաջ։ Այդ նուիրատուութիւնները կը յատկացուին համաճարակի հետեւանքներու յաղթահարման ի նպաստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած ընկերային, առողջապահական եւ կրթական ծրագրերու իրականացման համար։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս ծառայութեան կոչուած եկեղեցականները նախընթաց օր առցանց խորհրդակցութիւն մը ունեցան։ Հոգեւորականաց այս ժողովի ընթացքին քննարկման նիւթ դարձաւ, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ինչպէ՞ս կրնայ շարունակել իր առաքելութիւնը քորոնաժահրի համաճարակի ներկայ ժամանակաշրջանին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Աւանդաբար, Համբարձման տօնին առթիւ կը յիշատակուի նաեւ 1441 թուականին Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Աթոռի Սիս քաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրման պատմական օրը։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը նոր քայլեր կ՚առնէ:
Հայաստանի Ազգային ժողովը ներկայ շաբթուան սկիզբին վաւերացուց Եւրոխորհուրդի՝ «Սեռական շահագործումէ եւ սեռական բնոյթով բռնութիւններէ երեխաներու պաշտպանութեան մասին» խորագրեալ պայմանագիրը։ Այս փաստաթուղթը Հայաստանի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր վէճի պատճառ կը դառնայ։