Եկեղեցական

ԻՆԸ ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ ան­ցեալ Կի­րա­կի նա­խա­գա­հեց Գիւտ Խա­չի տօ­նին առ­թիւ մա­տու­ցուած Սուրբ Պա­տա­րա­գին։ Մայր Ա­թոռ  Սուրբ Էջ­միած­նի Լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի կող­մէ մա­տու­ցուած Սուրբ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւն։

ՄԱԼԹԱՅԻ ԻՇԽԱՆԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ՝ Մալ­թա­յի Ինք­նիշ­խան Մար­տա­կան Ուխ­տի Իշ­խան ու Մեծ Վար­պետ Ֆրա Մե­թիու Ֆսե­թինկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան, ու հիւ­րըն­կա­լ­ուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։

ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

​Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն՝ Տ. Սա­մուէլ Ա­բե­ղայ Մխի­թա­րեան եւ Տ. Սի­փան Ա­բե­ղայ Գէոր­գեան նա­խըն­թաց օր, Օ­շա­կա­նի Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ստա­ցան մաս­նա­ւոր վար­դա­պե­տու­թեան աս­տի­ճան։ Տու­չու­թիւ­նը կա­տա­րեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի դի­ւա­նա­պետ Տ. Ար­շակ Եպսկ. Խա­չատ­րեան։ Հարկ է նշել, որ նոր վար­դա­պետ­նե­րը բո­լո­րո­վին վեր­ջերս պաշտ­պա­նած էին ի­րենց թե­զե­րը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ե­րէկ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած օ­տա­րերկ­րեայ դես­պան­նե­րուն եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ «Դես­պան­ներ ա­ռանց սահ­ման­նե­րու» ծրագ­րին շրջագծով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը։ Հարկ է նշել, որ այս ծրագ­րին նա­խա­ձեռ­նած է՝ Ե­րե­ւա­նի մօտ Լի­բա­նա­նի դես­պան Ժան Մա­քա­րոն։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը դի­ւա­նա­գէտ­նե­րուն հետ տե­սակ­ցե­ցաւ Լի­բա­նա­նի դես­պա­նի կե­ցա­վայ­րին մէջ։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «IEEE EWDTS՚ 2016՝ Ա­րե­ւելք-Ա­րեւ­մուտք. նա­խագ­ծում եւ թեսթ» մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը։ Մայ­րա­վան­քի «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» մա­տե­նա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՆԱԽԱՐԱՐ ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հա­յաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեա­նը։ Ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Տ. Վրթա­նէս Եպսկ. Աբ­րա­հա­մեան։

ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ

Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին շնորհուեցաւ մագիստրոսութեան մակարդակով բարձրագոյն ուսում ջամբելու իրաւունք:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը:

Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը ամսավերջին ժողով մը պիտի գումարէ Նիւ Եորքի մէջ:
Մայր Աթոռի մէջ տեղի կ՚ունենայ միջազգային եռօրեայ գիտաժողով մը՝ հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչի 350-ամեակի յոբելեանին առթիւ:

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵՆԷՆ Տ. ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ՎՐԴ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ ԿԱՐԳԱԹՈՂ

Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց վան­քէն դար­ձեալ հա­սաւ զգա­յա­ցունց լուր մը։ Այս­պէս, կը հա­ղոր­դուի, որ կար­գա­թող ե­ղած է Սրբոց Յա­կո­բեանց միա­բա­նու­թեան ան­դամ­նե­րէն Տ. Հայ­կա­զուն Վրդ. Ե­ղիա­յեան։

Էջեր