ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԸՐԱՒ՝ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԳՐԱՒՄԱՆ ՆՊԱՍՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անխափան ջանքեր կը գործադրէ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ իր նպաստը բերելու համար Հայաստանի ժողովուրդի կարիքներու դիմագրաւման համար։
Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առթիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը աշխարհացրիւ իր հօտին օրհնութիւն բաշխեց՝ Տիրոջ կենաց փայտի մասունքի խաչով:
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,
Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տաղաւարը երէկ աւանդական շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներս։ Անթիլիասի մէջ, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Ս. Զատկի առթիւ տուաւ իր պատգամը։
«Փա՜ռք յարութեան Քո, Տէ՛ր.
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վաղը Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան առթիւ պիտի տայ իր Հայրապետական պատգամը համայն հայութեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ոտնլուայի երէկուան հոգեպարար արարողութեան ընթացքին դուրս բերուեցան Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մասունքները:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին քորոնաժահրի համավարակի մթնոլորտին մէջ կը ջանայ առաւելագոյն հոգեւոր ծառայութիւն մատուցել իր աշխարհացրիւ հօտին՝ մանաւանդ Աւագ շաբթուան ներկայ օրերուն։
Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ երէկ տեղի ունեցաւ անդաստանի հոգեպարար արարողութիւն:
Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցած Անդաստանի արարողութեան աւարտին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ փոխանցեց իր պատգամը համայն հայութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետի խօսքը՝ արեւմտահայերէնի վերածուած։