Եկեղեցական

ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ 2016» մրցանակաբաշխութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը կրթական մշակները համեմատեց աւետարանական բարի սերմնացանի կերպարին հետ ու շեշտեց, որ անոնք իր մշտական աղօթքներուն մէջ են:

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԹԵԶԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րե­ւե­լեան ծէ­սի ըն­կե­րու­թեան 6-րդ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը։ Եէյ­լի հա­մալ­սա­րա­նէն Պրա­յան Սփինկ­սի կող­մէ գլխա­ւո­րուած այս ըն­կե­րակ­ցու­թեան ան­դամ­ներն ու գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը ըն­դու­նուե­ցան նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ Ա­ՌԱՋ­ՆՈՐ­ԴԱ­ՆԻՍՏ ՍՐԲՈՑ ՂԵ­ՒՈՆ­ԴԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱ­ՃԱ­ՐԻ ՕԾ­ՄԱՆ ՏԱ­ՐԵ­ԴԱՐ­ՁԸ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմտեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս նշուե­ցաւ Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րի օծ­ման վե­ցե­րորդ տա­րե­դար­ձը, ինչ­պէս նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ շնոր­հուած շքան­շան­նե­րու տու­չու­թիւ­նը։ Այս­պէս, Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան յանձ­նեց բա­րե­րար­նե­րուն շքան­շան­նե­րը։ Ա­րեւմ­տեան Թե­մի դի­ւա­նէն ստա­ցանք հե­տե­ւեալ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը, զոր կը հրա­տա­րա­կենք ստո­րեւ։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՍԱՆԵՐԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ար­ժան­թի­նի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն սա­ներ, ո­րոնց կ՚ու­ղեկ­ցէր հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Զե­փիւռ Տիզ­չէ­քէ­նեան։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ծա­նօ­թա­ցաւ իւ­րա­քան­չիւր սա­նի հետ, իր օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, նաեւ վեր­յի­շեց դէ­պի Ար­ժան­թին հո­վուա­պե­տա­կան ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին վար­ժա­րան տուած այ­ցը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՔԱՐՎԱՃԱՌԻ ՅԱՐԱԿԻՑ ԳԻՒՂԵՐԷՆ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆՆԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ար­ցա­խի Քար­վա­ճա­ռի շրջա­նի հինգ գիւ­ղե­րէն քսան­չորս դպրո­ցա­կան­ներ։ Հարկ է նշել, որ դէ­պի Ար­ցախ այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ՝ Սեպ­տեմ­բե­րի 9-ին, Դա­դի­վան­քի մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը զա­նոնք հրա­ւի­րած էր այ­ցե­լել Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԾՆՆԴԱՏՈՒՆԵՐ

Ե­րէկ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այ­ցե­լեց Էջ­միած­նի եւ Ե­րե­ւա­նի ծննդա­տու­նե­րը՝ իր հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւն­նե­րը բե­րե­լով նո­րա­ծին­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի տա­րե­դար­ձին առ­թիւ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ու­ղեկ­ցե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Մու­րա­տեան։

ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց գա­նա­տա­հայ ուխ­տա­ւոր­ներ։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Գա­նա­տա­յի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Աբ­գար Եպսկ. Յո­վա­կի­մեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ուխ­տա­ւոր­նե­րը կ՚այ­ցե­լեն Հա­յաս­տան՝ ան­կա­խու­թեան 25-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԲԺԻՇԿՆԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ֆրան­սա­յէն խումբ մը բժիշկներ, ո­րոնք վեր­ջին շրջա­նին այ­ցե­լե­ցին Հա­յաս­տան։ Մաս­նա­գէտ­նե­րու այս խում­բը կը գլխա­ւո­րէր Տքթ. Ժան Փիէռ Պէր­պէ­րեան։

ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ ՎԱՆՔԸ

Դէ­պի Ար­ցախ ձեռ­նար­կած ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագծով, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ այ­ցե­լեց Գան­ձա­սա­րի վան­քը, Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ան­դամ­նե­րուն հետ։

ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ, ե­րէկ, Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ սկսաւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) հեր­թա­կան ժո­ղո­վը։ Բաց­ման նիս­տին Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ԳՀԽ­-ի հո­գե­ւո­րա­կան եւ աշ­խար­հա­կան ան­դամ­նե­րուն փո­խան­ցեց իր հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւնն ու պատ­գա­մը։

Էջեր