ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԿԸ ՆՇԷ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը։ Անթիլիասի մէջ 1930 թուականին ստեղծուած Դպրեվանքի յոբելեանը կարեւոր իրադարձութիւն մըն է եւ անուշադրութեան չի մատնուիր՝ հակառակ քորոնաժահրի առկայ համաճարակին։
Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Պատրիարքական Աթոռը իր հիմնադրութենէն ի վեր եղած է համայնքիս կեդրոնն ու վերին իշխանութիւնը՝ բոլոր հոգեւոր եւ այլ ոլորտներէ ներս։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բժիշկներու օրհնութեան կարգ։ Սուրբ Գայիանէի վանքի երդիքին տակ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ օրհնուեցան բժիշկներ եւ բուժաշխատողներ։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին նշեց իր հիմնադրութեան 559-րդ տարեդարձը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, այս առթիւ շաբաթավերջին գոհաբանական աղօթք մը կատարուեցաւ եւ ժամերգութեան ընթացքին մեր հոգեւոր հայրերու մաղթանքը եղաւ Պատրիարքական Աթոռի անսասանութիւնն ու անոր գահակալի արեւշատութիւնը։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ ստանալ նուիրատուութիւններ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կոչին ընդառաջ։ Այդ նուիրատուութիւնները կը յատկացուին համաճարակի հետեւանքներու յաղթահարման ի նպաստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած ընկերային, առողջապահական եւ կրթական ծրագրերու իրականացման համար։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս ծառայութեան կոչուած եկեղեցականները նախընթաց օր առցանց խորհրդակցութիւն մը ունեցան։ Հոգեւորականաց այս ժողովի ընթացքին քննարկման նիւթ դարձաւ, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ինչպէ՞ս կրնայ շարունակել իր առաքելութիւնը քորոնաժահրի համաճարակի ներկայ ժամանակաշրջանին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Աւանդաբար, Համբարձման տօնին առթիւ կը յիշատակուի նաեւ 1441 թուականին Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Աթոռի Սիս քաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրման պատմական օրը։