ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ, ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ քուէարկեց Էջմիածին քաղաքի 14/11 ընտրական տեղամասին մէջ, ուր Հայաստանի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեան մասնակցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու ուղեկցութեամբ։ Քուէարկելէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։