ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Քիշան Տան Տեւալը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու ժողովուրդներու պատմական յարաբերութիւններուն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ ձօնուած էր անմոռանալի բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այս յոբելենական ձեռնարկը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագաց երգչախումբը ներկայիս համերգային շրջագայութեան մը ձեռնարկած է՝ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ։ Երգչախումբի վարիչն է Շահէ Քեշիշեան։
Բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին նշեց հայոց առաջին լուսաւորիչներու յիշատակը:
Հայաստանեան թեմերու բազմազաւակ քահանաներու ընտանիքները այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան հանդիսապետեց Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ արարողութեան:
Վատիկանի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Փոլ Ռիչըրտ Կալակերի Արքեպիսկոպոսին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Հիւր արքեպիսկոպոսը Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Չեխիոյ Հարաւային Պոհեմիայի համալսարանի վերատեսուչ Թոմաս Մաչուլան եւ իր տեղակալը՝ Ռատքա Զաւոտոքին։ Հիւրերուն ընկերացաւ «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Ռուբէն Միրզախանեան։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: