ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետն ու Հանրապետութեան նախագահը քննարկեցին Հայաստանի ապագային, պետութիւն-եկեղեցին յարաբերութիւններուն եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի վերաբերեալ խնդիրներ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը յայտարարեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին չի կրնար ողջունել եկեղեցւոյ պառակտման ուղղեալ քայլերը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց յայտնի արուեստաբան ու շարժանկարի մասնագէտ Արմէն Մետվետեւը։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը նախապէս արժանացած է «Եղիցի լոյս» մրցանակին։
Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի տեսուչին այցը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին: Փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեան երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ սերտ համագործակցութեան համար:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ուրուկուայէն մեկնած խումբ մը ուխտաւորներ։ Հանդիպման սկիզբին, յանուն ուխտաւորներուն շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ «Արաքս» ռատիօկայանի տնօրէն Տիէկօ Գարամանուկեան։ Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնը ուխտաւորներուն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 19-րդ տարեդարձը:
ԳՀԽ-ի նստաշրջանը հասաւ իր աւարտին. յաջորդ տարի Ազգային-եկեղեցական ժողով պիտի գումարուի:
ԳՀԽ երէկ անդրադարձ կատարեց համասեռամոլութեան դրսեւորումներուն:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ու Սրբազան Պապը արծարծեցին Երուսաղէմի մէջ եկեղեցիներու իրաւունքներուն վերաբերեալ խնդիրներ: