ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութեան։ Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ տարուան առաջին անդաստանը՝ աշխարհի չորս ծագերու օրհնութեամբ։