Եկեղեցական

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ շքանշաններու յանձնման արարողութիւն մը։ Մեծարանքի հանդիսաւոր հաւաքոյթը նախատեսուած էր «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը շարունակէ դիմագրաւել գոյաբանական մարտահրաւէրներ եւ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Սուրբ Աթոռէն ներս նոր տնօրինութիւններ եւ նշանակումներ կը կատարուին։ Կը հաղորդուի, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի գլխաւորութեամբ հայոց վանքէն ներս գումարուած է տնօրէն ժողով։

ԱՀԱԶԱՆԳԻ ՎՐԱՅ ԱՀԱԶԱՆԳ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ այս շրջանին ահազանգի վրայ ահազանգ կը հնչէ՝ Սուրբ Քաղաքի հայկական թաղամասի խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Երէկ, հայկական լրասփիւռին մէջ ուշադրութիւն գրաւեց Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Աբեղայ Գոգճեանի կողմէ կատարուած գրառումը, ըստ որու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը կը գտնուի իր 16 դարեայ պատմութեան ամենամեծ գոյակցութեան սպառնալիքին ներքեւ։

Տ. ԿՈՐԻՒՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԴԱՏԻ ՏԱԼ ՏԵՆԻ ՌՈԹՄԱՆԸ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ըստ որու 2023 թուականի նոյեմբերի 6-ին փաստաբան Քլակսպալտ՝ «Arnon» ընկերութեան փաստաբան Ապարպանելին ուղարկած է նամակ մը, որու մէջ միանգամայն զրպարտչական յայտարարութիւն կատարուած է Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեանի հասցէին։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՕՐՀՆԵՑ ՏԱՐԵՑՆԵՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Սուրբ Հրեշտակապետներու եւ երկնային զօրքերու տօնը։ Այս առթիւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Տ. Դաւիթ Քհնյ. Գիշեան։

ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս մասնաւոր համերգ մը տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական այս բացառիկ ձեռնարկը հովանաւորեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արժանթինի հրէական կազմակերպութիւններու պատուիրակութեան նախագահ Խորխէ Քնոպլովիցը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Արիէլ Պլուֆշթէյնը։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու ընդհանրութիւններուն եւ մասնաւորապէս խօսեցաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին։

«ՅՈՅՍԻ ՏԱԿ ԳՈՐԾ ՊԷՏՔ Է»

Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան Գօշավանքի մէջ շաբաթավերջին խօսած քարոզին ընթացքին ըսաւ. «Այս օրերը ես կը կոչեմ անպատուութեան օրեր։ Կրկնակի անպատուութեան օրեր, որովհետեւ մենք համաձայնած ենք ընդունիլ այդ անպատուութիւնը։ Մեր այս ժամանակահատուածը նաեւ վերականգնումի ձգտումի ժամանակահատուած է։

ՊԱԼԱԹՈՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։  Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ մատոյց նաեւ Ս. Պատարագը։ Արարողութեան ընթացքին հայր սուրբը խօսեցաւ քարոզ մը։ Ի ժամ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 24-րդ տարեդարձին առթիւ։

Էջեր