Եկեղեցական

ՊԱԼԹԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեան նշանակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պալթեան երկիրներու թեմակալ առաջնորդ։ Նորին Սրբազնութիւնը մարտի 25-ի դրութեամբ պիտի ձեռնարկէ իր նոր առաքելութեան։ 

ԳՈՐԾԵԼ ՍԻՐՈՎ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Գործելու եւ գործելու միջեւ երբեմն շա՜տ մեծ տարբերութիւն կ՚ըլլայ եւ այնքա՜ն մեծ կ՚ըլլայ այդ տարբերութիւնը, որ նոյնիսկ կատարուած նոյն գործը տարբեր երկու անհատներու կողմէ, կրնայ ամբողջութեամբ իրարու հակասող արդիւնք եւ ազդեցութիւն գործէ թէ՛ անհատներուն եւ թէ միջավայրին վրայ:

ՌՈՒՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿՈՂՄԷ ԲԱՐՁՐ ՊԱՐԳԵՒԻ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ պարգեւատրուեցաւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին կողմէ։ Ռուսաց պատրիարքը Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին շնորհեց «Մոսկուայի Միտրոպոլիտ Սուրբ Ալեքսի» առաջին կարգի շքանշանը։

ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անցեալ շաբթուան ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին պաշտօնական յայտարարութիւն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հետեւողական պատրաստութիւններ՝ Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի կազմակերպման ուղղութեամբ:

Էջեր