ԱՄՈՒՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Երուսաղէմի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աննախընթաց հաւաք մը, որ մէկտեղեց Սուրբ Քաղաքի հոգեւոր առաջնորդներն ու դիւանագիտական շրջանակներ։ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Նիքոլաս Քասիանիտէսի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը. Մայր Աթոռի մէջ Հայրապետական մաղթանք:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը օրերէ ի վեր ուշադրութեամբ կը հետեւի՝ Մայիսի 28-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դէմ կատարուած անարգանքին եւ ցաւալի դէպքի արձագանգներուն։
Սրտի ցաւով ու մտահոգութեամբ հետեւեցանք Մայիսի 28-ին, Սարդարապատ այցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.-ի եւ եկեղեցականաց դասու դէմ ոստիկաններու կողմէ յուշահամալիրի տարածք մուտք գործելու ժամանակ յարուցուած արգելքներուն եւ անպատկառ ու ամօթալի վարուելակերպին։
Մայիսի 28-ին, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ Սարդարապատի հերոսամարտի 106-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան օրը, ցաւով տեղեկացանք Ամենայն Հայոց Հայրապետի եւ հոգեւորականաց դասու դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկաններուն անյարիր պահուածքի մասին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Յովհաննէս Կարապետի եւ Ս. Աթանագինէ Եպիսկոպոսի յիշատակութեան տօնը, որ նաեւ Էջմիածնի Ս. Շողակաթ վանքի ուխտի օրն է։
Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ տեղեկացանք երէկ՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Սարդարապատի հերոսամարտի 106-ամեակի յիշատակութեան օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ պատմութեան մէջ աննախադէպ ամօթալի եւ խիստ դատապարտելի իրողութեան:
Հայաստանի մէջ 28 Մայիսի՝ Հանրապետութեան տօնի երէկուան արարողութիւններուն ժամանակ ոստիկանութիւնը խոչընդոտեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիր, ուր նոյնաժամանակ կը գտնուէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու պետական աւագանիէն դէմքեր:
Ցաւով տեղեկացանք, թէ ոստիկանական ուժերը ինչպէս խոչընդոտած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շքախումբի մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիր, 28 Մայիսի նուիրական օրը, երբ Հայոց Հայրապետն ու հոգեւորականաց դասը կ՚այցելէին համազգային նուիրական յուշակոթող՝ աղօթելու մեր հայրենիքի բարօրութեան, հայրենեաց պաշտպան հայորդեաց յիշատակը պանծացնելու համար։