ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ծաղկազարդի առթիւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ արարողութիւններուն նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Առաւօտուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան տօնին առթիւ պատարագեց առընթերակայութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Ծաղկազարդի առթիւ երէկ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ տուաւ օրուան քարոզը։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան՝ դէպի Հռոմկլայ նախատեսուած ուխտագնացութեան շուրջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ընդհանուր քարտուղար տքթ. Ճերի Փիլէյը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ներս նոր նշանակումները կը շարունակուին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետին կարգադրութեամբ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան ազատուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քարոզչական կեդրոնի տնօրէնի եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի վարիչի պարտականութիւններէն։
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Լեւոն Սրկ. Գույումճեան։