ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի վեցերորդ օրն է:
Եկեղեցւոյ հայրերը յաճախակի կերպով կրկնելով կը յիշեցնեն, թէ պահեցողութիւնը ո՛չ միայն ֆիզիքական հասկացողութիւն պէտք է ունենայ, այլ՝ առաւել եւս հոգեւոր հասկացողութիւն, եւ ամենէն կարեւորը հոգեւոր նպատակ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Անգլիոյ խորհրդարանէն Սըր Ճոն Ուիթինկտէյլի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ՝ հիւրընկալուելով Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Լիթվայի նորանշանակ դեսպան Էտիթ Մետնէն։ Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին յաջողութիւն մաղթեց իր առաքելութեան մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցան Տեառնընդառաջի աւանդական տօնակատարութիւններ։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ պատարագեց Տ. Գրիգորիս Քհնյ. Պօղոսեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Տեառնընդառաջի արարողութիւններուն նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տեառնընդառաջի բերկրառատ տօնն ու նորապսակ զոյգերու օրհնութեան օրը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջը, որ կը խորհրդանշէ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայումը։ Երէկ երեկոյեան Պոլսոյ եկեղեցիներուն մէջ վառուեցան Տեառնընդառաջի ճրագները։