ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒ ՀԱՒԱՔ՝ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 562-րդ տարեդարձը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հոգեւորականաց թափօրով առաջնորդուեցաւ Մայր եկեղեցի։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ Գայիանէ Յակոբեանի բանտարկութեան կապակցութեամբ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ թողարկուած հրապարակումը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրնկալեց՝ Հայաստանի դպրոցներէն ներս ուսուցանուող «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ողիմպիականներու մրցանակակիր աշակերտները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին հերթական անգամ թիրախաւորեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան վերջերս յայտնած էր, թէ եթէ Եկեղեցին կը փափաքի զբաղիլ քաղաքականութեամբ, ապա կրնայ ստեղծել կուսակցութիւն մը։
Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թիրախաւորման ցաւալի դրսեւորումները կը շարունակուին։ Դժբախտաբար, չի դադրիր հրապարակային բանավէճը, որով երկրի բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքեր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ կ՚արտայայտուին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շքանշանի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, Վեհարանի գահասրահի երդիքին տակ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձր շքանշանը շնորհեց Ռուսաստանէն՝ բարերար Աշոտ Առուստամեանին։
Թեմական պատգամաւորական ժողովը միաձայնութեամբ առաջնորդ վերընտրեց Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Համբարձման տօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս տօնին օրը կը յիշատակուի նաեւ 1441 թուականին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռի Սիս քաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրման պատմական օրը՝ Վաղարշապատի ժողովի որոշման հիման վրայ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի դեսպան Տոմենիքօ Արտուինին։