ՀՆԱԶԱՆԴԻԼ ՈՒ ՎՍՏԱՀԻԼ ՏԻՐՈՋ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 30-րդ օրն է:
Տէր Աստուած երբ Մովսէսին ընտրեց, որպէսզի Իր խօսնակն ու դեսպանը ըլլայ հրեայ ժողովուրդին մօտ, եւ զանոնք ստրկութեան երկրէն՝ Եգիպտոսէն հանելով առաջնորդէ դէպի խոստացուած երկիր՝ Քանան, Մովսէս սկիզբը կը վախնայ, չ՚ուզեր ընդունիլ. յետոյ Տէրը անոր նշաններ գործելու կարողութիւն կու տայ, ձեռքին գաւազանը օձի վերածելու, ձեռքը ծոցին մէջ դնելով բորոտանալու, ինչպէս նաեւ գետին ջուրը արիւնի վերածելու: