ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՓՈՔՐԻԿ ՃԱՄԲՈՐԴԸ
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կար ու չկար
Պճիկ-մճիկ,
Խիտ մազերով
Սեւաչք-կորքիթ,
Փոքրիկ մանչուկ մը կար։ Անունը՝ Վարդանիկ, տարիքն ալ՝ հինգ-վեց տարեկան։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կար ու չկար
Պճիկ-մճիկ,
Խիտ մազերով
Սեւաչք-կորքիթ,
Փոքրիկ մանչուկ մը կար։ Անունը՝ Վարդանիկ, տարիքն ալ՝ հինգ-վեց տարեկան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Շարլ Ազնաւուրի մահէն ետք, իր առաջին ծննդեան օրը նշուեցաւ առանձնակի յուզումով. առաջին անգամ երգիչը ֆիզիքապէս ներկայ չէր իր տարեդարձի արարողութիւններուն՝ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մէջ: Այս մայիսին ան դարձաւ 95 տարեկան:
Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Համանուն սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս հաւաքը տօնական մթնոլորտի մը մէջ համախմբեց թէ՛ շրջանաւարտները եւ թէ դպրոցի վաստակաւոր կրթական մշակները։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մինչ Հայաստանի մէջ քաղաքական կիրքերը օրէ օր կը բորբոքին, Արցախը բոլորովին ուրիշ տրամադրութեան մէջ է: Տօնական եռուզեռ մը կը տիրէ Արցախի մէջ: Յունիսի սկիզբը տեղի պիտի ունենայ շատ մեծ մարզական ձեռնարկ մը, որ Արցախի մէջ մինչեւ այժմ կազմակերպուած ամենէն մեծ զանգուածային ձեռնարկը կը յաւակնի ըլլալ:
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ոսկեդարու հայ մեծանուն պատմիչ՝ պատմահայր Մովսէս Խորէնացի (ծնած մօտաւորապէս 410 թուականին եւ մահացած 493-ին), իր նշանաւոր «Հայոց պատմութիւն» ծաւալուն աշխատութեան մէջ տուած էր հայ ազգին բնութագիրը. «Թէպէտ մենք փոքր ածու ենք եւ շատ սահմանափակ թիւով ու զօրութեամբ թոյլ, եւ շատ անգամ օտար թագաւորութեան տակ նուաճուած, բայց եւ այնպէս մեր աշխարհին մէջ ալ քաջութեան շատ գործեր կան գործուած, գրելու եւ յիշատակելու արժանի...»:
Տեսակցեցաւ՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ոսկիի յայտնագործումը հնագոյններէն է։ Անոր պատմութիւնը կը սկսի աւելի քան Քրիստոսէ 2700 տարի առաջ։ Անյիշելի ժամանակներէ սկսեալ ազնուագոյն այս մետաղը ոչ միայն գերող ապրանքային տեսք ունէր, այլեւ դիւրութեամբ կը մշակուէր։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ելեկտրոնային գիրքի մը շնորհանդէսը: Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը թուայնացուցած է Հեղինէ Մելիք-Հայկազեանի՝ 1905 թուականին Թիֆլիզի մէջ լոյս տեսած արժէքաւոր յուշագրութիւնը՝ «Պտոյտ մը Ճաբոնի մէջ» խորագրով եւ զայն կը ներկայացնէր հանրութեան:
Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան շահեկան բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ ԳԱՏՕՍ-ի նախաձեռնութեամբ:
Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը անդրադարձաւ Գատըգիւղի մէջ հայոց պատմական գոյութեան եւ ծաւալած գործունէութեան:
Մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան բարձր գնահատանքի արժանացաւ իր ծաւալած գործունէութեան համար:
Պարգեւատրեալ արուեստագէտը երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի կողմէ:
«Ոսկէ ծիրան»ի պատասխանատուները մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ:
Շարժանկարի միջազգային փառատօնը յառաջիկայ յուլիսին պիտի կազմակերպուի 16-րդ անգամ: