Ընկերա-մշակութային

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ԶՈՅԳ ԽՐԱԽՃԱՆՔՆԵՐԸ՝ ԱՄԱՆՈՐԻ ԸՆԴԱՌԱՋ

Գարակէօզեանի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Ամանորի ձօնուած երկու հաւաքոյթներով։ Այսպէս, Ուրբաթ երեկոյեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար նոր տարուան խրախճանք մը։

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱ­ՅՃԵԱՆ

Աստուածաշունչ մատեանը կը հաստատէ. որ Ադամ եւ Եւա Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուեցան եւ Աստուծոյ կողմէ այս երկրի վրայ հաւասարապէս, միասնաբար բազմանալու ու իշխելու պարտաւորութեան կոչուեցան (Հմմտ. Ծն 1,27-28): Արեւելքի մէջ ընկերութիւնը ենթակայ ըլլալով արական սեռի տիրապետութեան, նաեւ Հին Կտակարանին մէջ կինը կը տեսնենք ընդհանրապէս նոյն պատկերով ներկայացուած:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Սերկէյ Առաքելեանի՝ նոր հրատարակուած «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի ազգային ակադեմական թատրոն» գիրքը կ՚ամբողջացնէ թատրոնի 85-ամեայ պատմութիւնը:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ գրքին շնորհանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։ Ան իր խօսքին մէջ գովասանքով արտայայտուեցաւ հատորին մասին։

ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՀԱՐՑԵՐ

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արեւմտահայերէնի նուիրեալ գործիչը Երեւանի մէջ շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ մեկնաբանելով հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլը:
Տքթ. Արմենակ Եղիայեան. «Մեր գոյութեան գերագոյն իմաստն է Հայաստանը, որուն համար պէտք է գուրգուրանք Սփիւռքին, պահենք մեր լեզուն ու առաւելագոյնս դիմանանք»:

Ս. ՍՏԵ­ՓԱ­ՆՈՍ ՆԱ­ԽԱ­ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ՝ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՆԷԱ­ԿԱՆ Ե­ԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ Ա­ՌԱ­ՋԻՆ ՆԱ­ՀԱ­ՏԱ­ԿԸ

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱ­ՅՃԵԱՆ

«Նահատակ բարի Քրիստոսի եղեր այսօր ի միջի մերում, եւ մտեր ի վերնատունն խորհրդոյ յաւիտենականի։ Որ ընտրեցար ի դասս երկնաւոր զօրացն, պսակեցար ի թագաւորէն, զանթառամ զպսակն, եւ մկրտեցար արեամբդ քո սրբոյ, առաջին վկայ Քրիստոսի Սուրբ Ստեփանոս, նախասարկաւագ մեծ» («Շարակնոց»)։

ԱՆԳԼԻԱՅԷՆ ԴԷՊԻ ԻՏԱԼԻԱ…

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայկական եւ միջազգային մամուլը, կայքէջերը եւ թապլոիտները ողողուած են հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղին, անգլիական «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի կիսապաշտպան, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջատար Հենրիխ Մխիթարեանի եւ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի գլխաւոր մարզիչ, փորթուգալցի Խոսէ Մորինիոյի՝ վերջին շրջանին խիստ արտայայտուած յարաբերութիւններուն նիւթերով եւ մեկնաբանութիւններով:

«ԾԱՆՐ» ՇՈՒՆՉՈՎԴ ՇՐՋԱՊԱՏԴ «ՄԻ՛ ԱՊԱԿԱՆԵՐ»

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Տիեզերքին մէջ երկրագունդը միակ մոլորակն է, որ թթուածին ունի։ Երկրագունդի վրայ գտնուող իւրաքանչիւր էակ թթուածինի շնորհիւ կը շնչէ, կ՚ապրի ու կը գոյատեւէ։ Նոյնպէս ալ բնութիւնը առանց ջուրի եւ թթուածինի չի՛ կրնար կանաչանալ, ծաղիկները՝ ծլարձակիլ, ծառերը հարիւր տարիներ կանգուն մնալ…։

ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Հայոց ազգային պարտէզի գանձերը. Պալեաններ» գիրքին հեղինակը շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Ճարտարապետ Աշոտ Գրիգորեան. «Տակաւին գիրքը նոր է եւ, բնականաբար, ժամանակի կը կարօտի՝ որպէսզի հանրութիւնը կարդայ, ծանօթանայ, բայց քանի որ ներկայ ու արդի է Պալեաններուն խնդիրը, գիրքը անմիջապէս կը գրաւէ իր խորագիրով, ծաւալով եւ նորութեամբ»:

Էջեր