Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՍԵՄԻՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ձօնուած աւանդական հոգեւոր համերգը։ Երեկոյթին նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Կիւրեղ Վրդ. Դաւթեան, Տ. Դանիէլ Վրդ. Թումանեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրգիոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ մեր համայնքէն բազմաթիւ երաժշտասէրներ։
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը տարեմուտի շրջանին ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ 2018 թուականը շիշլիցիները դիմաւորեցին վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի դասընթացքներու մասնակիցներուն համար նախատեսուած տօնական հաւաքոյթով։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ «Մարալ» համոյթի ընտանիքը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց Ամանորը։ 2018 թուականը ողջունելու համար միութեան երդիքին տակ նախընթաց օր կազմակերպուեցաւ խրախճանք մը։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ Ամանորի խրախճանք մը տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի ընտանիքին համար։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս տօնական հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան ԶԻՊԷՉ-ի տղաքը, իրենց ծնողները, ինչպէս նաեւ խումբ մը մնայուն բնակիչներ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ