Գրիգոր Օտեան. Զարթօնքի Սերունդին Ազատախոհ Բարեկարգիչը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի մեծարանքին արժանացած տոհմ է արեւմտահայ Օտեան ընտանիքը, որուն արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Գրիգոր Օտեանի (1834-1887) ծննդեան 181-րդ տարեդարձն է Դեկտեմբերի 9-ը։