ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԲԵՐԷ՛ ԲԱՐԻՆ
ՍԻԼՎԻ ՍՐԲՈՒՀԻ ՄԱՐԱԶԵԱՆ
Տարի մը եւս բոլորեցինք՝ քաղցր ու դառն յուշերու հետքերով: Խանդաղատանքով ու տագնապներով ծանրաբեռնուած օրերը հեւ ի հեւ սահած, սլացած են մեր կեանքէն: Հեռացող տարին ա՛լ գաղտնիք մը չունի մեզի համար, իսկ նոր տարին, անակնկալներով լիառատ, ծածուկ յուզումներով ու անսպասելի արարքներով բեղուն՝ կը ծաւալի մեր առջեւ: