Համակարգիչները Կը Բարելաւե՞ն Աշակերտներու Արդիւնքները
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Կեանքի ներկայ ընթացքը այնպէս մըն է, որ բնականաբար կարելի չէ արհեստագիտական, ճարտարագիտական նորութիւններն ու նորարարութիւնները հեռու պահել դպրոցներէն եւ ընդհանրապէս կրթական-ուսումնական համակարգէն: Պատասխանատուներ, մասնագէտներ, ուսումնասիրողներ միշտ այս հարցերը կը քննարկեն աւելի արդիւնաւէտին ձգտելու մղումով: Եզրակացութիւնները երբեմն կը հերքեն ընդունուած նախկին տեսակէտները, տարածուած մօտեցումները՝ փորձելով հաստատել նորը, ապա աւելի նորը, եւ այսպէս՝ շարունակ