ՃԱՏՐԱԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Էսաեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ՝ հանգուցեալ Զաւէն Չիյտեմօղլուի յիշատակին ձօնուած ճատրակի մրցաշարք մը։ Երէկ, այս ձեռնարկը համախմբեց՝ զանազան տարիքային դասաւորումներէ 44 մարզիկ։
Էսաեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ՝ հանգուցեալ Զաւէն Չիյտեմօղլուի յիշատակին ձօնուած ճատրակի մրցաշարք մը։ Երէկ, այս ձեռնարկը համախմբեց՝ զանազան տարիքային դասաւորումներէ 44 մարզիկ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան քահանայական ձեռնադրութիւն կատարեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Պատարագ մատոյց՝ առընթերակայութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանի։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ՝ շաբաթավերջին քահանայ ձեռնադրուելիք երկու սարկաւագներու կոչման արարողութիւնը։
Երէկ, Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ՝ Գալֆաեան ուխտի հիմնադիր բարեյիշատակ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի եւ միաբանութեան վախճանեալ անդամուհիներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քահանայ Ուզունեան ակադեմական աշխատանքներու բերմամբ լուսարարապետութեան պաշտօնէն հրաժարած ըլլալով, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը փոխան լուսարարապետութեան ըրած է հետեւեալ տնօրինութիւնները.
Այս առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետուհի Թամար Քարասու Մայօղլուն, որուն կ՚ընկերանար անդամուհիներէն Պեսսէ Քապաք։
Երէկ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու գործակից ընկերները։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչը, որուն ընկերացաւ Մարիամ Տրամէրեան:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց յոյն համայնքի յայտնի գործիչներէն Լաքի Վինկասը, որ փութացած էր ցաւակցական այցելութեան։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
1975 թուականի ամառն էր… Հայ Երուսաղէմը բացառիկ օրեր պիտի դիմաւորէր։ Արդէն ամիսներէ ի վեր համայնքը կը պատրաստուէր ընդունելու Անենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը եւ ազգիս մեծ բարերարները՝ որոնցմէ գլխաւորը տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Մարի Մանուկեաններն էին, որոնց բարերարութեամբ կառուցուեցաւ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի ու ընծայարանի նոր շէնքը Հայոց վանքին ճիշդ դիմացը։