ՃԱՄԲԱՐԻ ՄԷՋ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԸ
Գնալը կղզիի յունաց ճամբարէն ներս իրենց ամրան արձակուրդը անցուցած մեր համայնքի մանուկներն ու պատանիները այսօր արդէն հրաժեշտ կ՚առնեն՝ աւարտած ըլլալով իրենց կեցութեան շրջանը։
Գնալը կղզիի յունաց ճամբարէն ներս իրենց ամրան արձակուրդը անցուցած մեր համայնքի մանուկներն ու պատանիները այսօր արդէն հրաժեշտ կ՚առնեն՝ աւարտած ըլլալով իրենց կեցութեան շրջանը։
Խոր ցաւով կը գուժենք մահը մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան սիրուած ու յարգուած ներկայացուցիչներէն՝
ՏԻԱՐ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՓԵՔԱՅՎԱԶԻ
Հանգուցեալը իր սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն մին էր, որ իր ընտանիքէն, սիրելիներէն հրաժեշտ կ՚առնէ խոր ծերութեան մէջ։
ERVAB-ի Կրթական յանձնախումբը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ ժողով մը գումարեց՝ 2026-2027 շրջանի վերամուտին ընդառաջ:
Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի այցելութեան յաջորդած իրավիճակին մէջ, համայնքային շրջանակները լուծման հեռանկարներ կը քննարկեն առկայ խնդիրներուն համար, որոնց շարքին կ՚առանձնանայ հայերէնի եւ կրօնագիտութեան առարկաներու դասաւանդութեան նոր ծրագիրը: Պոլսահայ վարժարաններէ ներս հիւր աշակերտներու ապագան դարձած է անորոշ:
Երէկ երեկոյեան, պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի կողմէ գլխաւորուած «Աւանդական» պարախումբը այցելեց Գնալը կղզիի յունաց ճամբարը, ուր այս շրջանին թրքահայ մանուկներ եւ պատանիներ կ՚անցընեն իրենց ամրան արձակուրդը:
Երէկ երեկոյեան, Պոլսահայ սանուց միութիւններու վարչութեանց ներկայացուցիչները այցելեցին Գնալը կղզիի յունաց ամրան ճամբարը, ուր իրենց արձակուրդի շրջանը կ՚անցընեն մեր համայնքի մանուկներն ու պատանիները:
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան գլխաւորեց՝ շաբաթավերջին դէպի Վաքըֆլըգիւղ կազմակերպուած աւանդական համայնքային ուխտագնացութիւնը։
Երէկ, Գնալը կղզիի մէջ, Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի աւանդական խրախճանքը, որ մարզասէրներու անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։ Ծրագիրը բաղկացած էր զանազան փուլերէ, իսկ եզրափակիչին հանդէս եկան՝ Թաքսիմի եւ Սահակեանի հիմնական կազմերը։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր վերափոխման տաղաւարը անգամ մը եւս կը ներկայանայ իր հոգելից պատգամով։ Այդ պատգամը նոյինքն դրսեւորումն է տիպար կեանքի մը հիմնական սկզբունքին։
Երէկ յետմիջօրէին, Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ Ներսէսեան դպրաց դասու մանուկներու եւ պատանիներու մասնակցութեամբ աղօթք մը, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան:
Վաղը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան պիտի մեկնի դէպի Վաքըֆլըգիւղ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ համայնքէն ներս, Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած է ուխտագնացութիւն մը՝ դէպի Վաքըֆլըգիւղ: