ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը այսօր կ՚ողջունէ 90-ամեակը իր երիցագոյններէն Վռամշապուհ Մանուկեանի, որ թոռն է թերթիս հիմնադիրներէն հանգուցեալ Սարգիս Գօչունեանի։ Այս տարեդարձը բարձր տրամադրութեամբ կը համակէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը, որ ուրախակից է Վռամշապուհ Մանուկեանին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ վերադարձաւ դէպի Վան ուխտագնացութենէն, որ այս տարի 13-րդ անգամ կազմակերպուած էր Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ։
Այսու խոր յուզումով կը յայտնուի մերազն ժողովուրդին, թէ հայ մամլոյ վաստակաշատ խմբագիրներէն, «Նոր Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանակիր, Հայաստանի Հանրապետութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» եւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշաններով մեծարեալ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան Ոսկեայ շքանշանակիր, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Ա. կարգի շքանշանակիր, Հայաստանի Գրողներու միութեան Ոսկեայ շքանշանակիր՝
Ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան։ Այս կորուստը լայն արձագանգ ստեղծած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս՝ հաշուի առնելով, որ աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր ան կը գտնուէր «Մարմարա» օրաթերթի գլուխը։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ այս տարի եւս ուխտագնացութիւն մը կը կազմակերպուի՝ դէպի Վան։ Հերթական ուխտագնացութիւնը տեղի կ՚ունենայ այս շաբաթավերջին։
Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ քայլ՝ «Թուրքիոյ դարու ուսուցման մոտել»ի ծիրէն ներս:
Համայնքային շրջանակները արդէն լծուած են 2025-2026 շրջանի՝ վարժարաններու պիւտճէի հաւասարակշռման աշխատանքներուն։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս եղանակին եւս առաջին մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գերմանիայէն խումբ մը համալսարանականներ։ Պոննի համալսարանի ուսանողներէն բաղկացած էր խումբը, որու գլուխը կը գտնուէին երեք դասախօսներ՝ փրոֆ. Պերթ Ռէօպըն, փրոֆ. Քրիստիան Հորնունկ եւ տքթ. Մարինա Քիրուտի։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ճատրակի առասպել Լեւոն Արոնեան այս օրերուն կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ան վերջին շրջանին իրերայաջորդ մրցաշարքերու կը մասնակցի ու կը նուաճէ նոր գագաթներ։