ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանը, որուն կ՚ընկերանային Սահակեան-Նունեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Գարին Չաղլըուզուն եւ ուսուցչական կազմէն Լիանա Պենլի։
Երէկ, խմբագրատունս այցելեցին՝ իսթանպուլահայ սանուց միութիւններու համակարգման յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն Գէորգ Պիւյիւքսիմքէշեանն ու Շուշան Սվասլըօղլուն։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ եւ յարակից Էսաեան վարժարանի հիմնադրութեան 130-րդ տարեդարձները երէկ բացառիկ խանդավառութեամբ համակած էին Պէյօղլուի ընտանիքը։ Այս զոյգ յոբելեաններուն առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Դպրոցը, որ 205-րդ անգամ իր դռները բացած է այս կրթական շրջանին, հիւրընկալեց զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց՝ Վաքըֆլըգիւղի հայրենակցական միութեան վարչայիններէն Միսաք Սիլահլըն եւ Թամար Քարթուն-Ինթիպան։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Քարայեանը, որ արձակուրդի առթիւ կը գտնուի քաղաքիս մէջ, ուր կը շփուի նաեւ իր ազգականական շրջանակին հետ։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ հիւրընկալեց յայտնի իլիւսթրաթէօր Ռոպին Եայլան, որ վարժարանին նուիրեց իր երկու գործերը։ 
Շաբաթավերջին, Թոփգաբուի ընտանիքը համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ամրակայուած շէնքի պաշտօնական բացման արարողութեան առթիւ, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Երէկ, Խաչվերացի տօնին առթիւ Սկիւտարի բարձունքին տեղի ունեցան աւանդական կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնք համախմբեցին թրքահայ ազգային-եկեղեցական շրջանակները։