Թրքահայ կեանք

ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ՎՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Global Talks III» խորագրեալ միջվարժարանային ձեռնարկ մը: Համայնքային լիսէներու աշակերտները մասնակցութիւն բերին այս նախաձեռնութեան, որու ընթացքին տղաքը հանդէս եկան անգլերէնով՝ ի ցոյց դնելով հրապարակախօսական իրենց հմտութիւնները:

ԴԷՊԻ ԿԵՍԱՐԻԱ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԻԵՆՆԱՅԷՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՔԱՂԱՔՍ

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան այսօր երեկոյեան օդային ճամբով Վիեննայէն կը վերադառնայ քաղաքս։ Նորին Սրբազնութիւնը այս շաբթուայ սկիզբին մեկնած էր Սանկտ Փոլթեն, ուր յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցաւ եպիսկոպոսաց խորհրդակցական հարթակին:

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՐԵԿՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ԱԼԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ

Երէկ երեկոյեան, թրքահայ երէց սերունդի բազմավաստակ արուեստագիտուհիներէն Ալիս Մանուկեանի ի պատիւ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյթ մը՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻՆ ՀԱՍԱՒ ՍԱՆԿՏ ՓՈԼԹԵՆ, ՈՒՐ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ

Յանուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին, Սանկտ Փոլթենի հաւաքին կը մասնակցի Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ երէկ յետմիջօրէին օդային ճամբով հասաւ Վիեննա։

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԱՅԵՐԷՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ԾՐԱԳՐՈՎ ՄԸ ՆՇԵԼ ԹԱՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 240-ԱՄԵԱԿԸ. «ՊԱՐՈՆԵԱՆԸ ԿԸ ՎԵՐԲԵՌՆՈՒԻ»

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Օրթագիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ, որոնք իսկապէս ողջունելի նախաձեռնութեան մը լուրեր բերած էին մեզի։ Այսպէս, Օրթագիւղի մէջ շուրջ տարիէ մը ի վեր թափով պատրաստութիւն կը տարուի՝ հայերէն թատրոնի մը ներկայացման համար։

ՅԱՆՈՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻՆ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԻԵՆՆԱ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՎԱՂՈՒԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՀԱՒԱՔԻՆ ՀԱՄԱՐ

Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր Վիեննա մեկնեցաւ՝ մասնակցելու համար Սանկտ Փոլթէնի մէջ նախատեսուած Եպիսկոպոսաց հաւաքին:

Էջեր