ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՆՇԵՑ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐԸ
Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին Ուսուցչաց օրուան առթիւ համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղանի մը շուրջ։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս ձեռնարկը կազմակերպած էր՝ մեծարելու համար վարժարանի կրթական մշակները։
Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին Ուսուցչաց օրուան առթիւ համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղանի մը շուրջ։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս ձեռնարկը կազմակերպած էր՝ մեծարելու համար վարժարանի կրթական մշակները։
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբի մանկանց կազմը Ամանորի ընդառաջ համախմբուեցաւ բարձր տրամադրութեամբ։ Շաբաթավերջին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն ընթացքին, մանկանց կազմին համար տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի մասունքակիր աջով բարեխօսութեան աղօթք՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որու կողքին էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Պատրիարքական Աթոռին եւ Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանին համատեղ կազմակերպած հոգեւոր ու գիտական ծրագիրը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բազմակողմանի ու վիթխարի ժառանգութիւնը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս վերարժեւորուեցաւ՝ վախճանման 850-րդ տարելիցին առթիւ:
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ Ամանորի ընդառաջ շաբաթավերջին կազմակերպուած քէրմէսը համախմբեց համայնքային շրջանակները։ «Ռամատա փլազա» պանդոկի համալիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկի մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնին առթիւ արարողութեանց։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ սկիզբ առած «Երիտասարդաց փառատօն»ի ճամբորդութիւնը շաբաթավերջին շարունակուեցաւ համայնքային վարժարաններու երիտասարդներու մասնակցութեամբ։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած Ամանորի քէրմէսը շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտի մէջ համախմբեց հաստատութեան համակիրները։ Վարժարանի ծնողաց միութեան ջանքերով յառաջ տարուած էին նախապատրաստական աշխատանքները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ Գալայճըի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Պէյօղլուի Թոքաթլեան խանին մէջ երէկ բացուեցաւ «Բաց դռներ» խորագրեալ մեծ ցուցահանդէս մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ դեկտեմբերի 20-ը։ Թոքաթլեան խանի երդիքին տակ բազմաթիւ արուեստագէտներ գործունէութիւն կը ծաւալեն եւ այնտեղ ունին աշխատանոցներ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները այս տարի եւս մասնակցեցան թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տօնածառի յարդարման։ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի գլխաւորութեամբ եւ ուսուցչուհիներէն Աննա Սարը Սեչքինի ուղեկցութեամբ տղաքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ զարդարեցին եկեղեցւոյ տօնածառը։