ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹ
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգենք, մենք պարենք» համերգաշարի հերթական երեկոյթը։ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ այս խանդավառ ձեռնարկը, զոր պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էր կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։