Թրքահայ կեանք

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2021-2022 ուսման շրջանի եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ հայերէնի փառատօն մը, որ այլեւս դարձած է աւանդական։ Դպրոցի բոլոր դասարանները ընդգրկուած էին այս փառատօնի ծրագրին, որ գործադրուեցաւ ամբողջ օրուան մը տեւողութեան։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խումբ մը սաներ։ Խնամակալութեան անդամուհիներէն Թամար Քարասուի եւ դպրոցի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի կողմէ գլխաւորուած խումբին այցելութիւնը զուգադիպեցաւ 2021-2022 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2021-2022 տարեշրջանի աւարտին կը տիրէ ոգեւոր մթնոլորտ։ 4-րդ դասարանի սաներու շրջանաւարտութեան հանդէսը, բնականաբար, կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ անոնց տեսակէտէ։

ԿՐՕՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Արտաքին գործոց նախարարը երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու հետաքրքրուեցաւ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցով ու խոստացաւ պատեհ առիթով այցելել Գումգաբու:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԵՒ ԷՍԱԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ «ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀ» ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Պէյօղլուի մշակոյթի ճանապարհ» փառատօնը ընթացքի մէջ է՝ բազմակողմանի ծրագրի մը գործադրումով։ Այս ամբողջին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի խոստմնալից երիտասարդներու համերգը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր եւ նախատեսուած էր Ղալաթիոյ պատմական աշտարակի յարած տարածքին վրայ։

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Էսաեան վարժարանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի 16 փոքրիկներու ընթերցման տօնը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով գործադրութեցաւ յայտագիրը, որու սկիզբին երգուեցաւ «Ողջոյն տաճար»ը։

«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՄԵՆԱԱՐԱԳԸ»

Շիշլի մարզակումբի յաջող ներկայացուցիչներէն Արտա Արատ վերջերս մասնակցեցաւ կարեւոր մրցաշարքի մը։ Մարմնամարզութեան ճիւղին մէջ, Իսթանպուլի Եւրոպական ափի՝ 2009 թուականին ծնած արական սեռէ մարզիկներու շարքին ան նուճեց առաջնութիւն՝ դասուելով «Թուրքիոյ ամենաարագը»։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց մեր վարժարաններէն խումբ մը սաներ։ Այսպէս, «Բարեկամ» խումբի պատասխանատուներու նախաձեռնութեամբ Գումգաբու փութացին Էսաեան, Սահակեան-Նունեան եւ Մէրամէթճեան վարժարաններէն աշակերտներ։

ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՃԱՄԲԱԲԱԺԱՆ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մասնակցութեամբ ժողով մը գումարեց Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի նորակառոյց «Կոմիտաս» սրահին մէջ:
Համայնքային հաստատութիւններու առկախեալ ընտրութեան համար պատրաստուած կանոնադրութեան նախագիծը արժեւորման առարկայ:
Պոլսահայ կրթական համակարգի կայունութիւնը հետզհետէ աւելի լուրջ սպառնալիքներու դէմ յանդիման կը մնայ՝ վարժարաններու նիւթական ահաւոր բեռին եւ անկազմակերպ վիճակին հետեւանքով:

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2021-2022 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին կը տիրէ մեծ ոգեւորութիւն։ Այս ամբողջին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը իսկապէս առանձնացաւ՝ ամբողջ դպրոցէն ներս տօնական մթնոլորտի առիթ դառնալով։

Էջեր