ԳՈՂԹԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ
Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբը վերջին օրերուն նշեց իր հիմնադրութեան տարեդարձը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան դպրաց դասու հիմնադրութեան 109-րդ տարեդարձին առթիւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանը եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Սարգիս Աւագ Քահանայ Գույումճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը, որ այցելեց Հայաստան։
Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու իրաւունք շահեցաւ Կապոյտ ցանկը:
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը շաբաթավերջին քուէատուփի մօտ փութաց՝ իր հաստատութիւններուն նոր մատակարար մարմինները ընտրելու համար։ Այսպէս, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի նոր մատակարար մարմինն ալ յառաջիկայ շրջանին պաշտօնի պիտի կոչուի՝ երէկուան ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ։
Շիշլի մարզակումբէն այս օրերուն դարձեալ դրական լուրեր կը հասնին։ Այսպէս, ի շարունակութիւն ակումբի վարչութեան հետեւողական ջանքերուն՝ Շիշլիի պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի կազմերը կը բաղկանան ակումբէն հասած մարզիկներէ։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան գործընթացէն ներս վաղը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի մատակարար մարմնի ընտրութիւնը։ Սպիտակ եւ Կապոյտ ցուցակները ընտրապայքարի մէջ են այս մատակարար մարմնի ղեկը ստանձնելու համար։
Համայնքային վարժարաններու այժմու կամ վաստակեալ խումբ մը տնօրէններ վերջերս ընթրիք մը կազմակերպեցին՝ ի պատիւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանի։ Ծանօթ է, որ Արփի Մանուկեան բազմամեայ պաշտօնավարութենէն վերջ հերթը փոխանցած էր դպրոցի այժմու տնօրէնուհիին՝ Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիսին։