ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂՑԻ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԳՈՐԾԱՏԷՐԵՐ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց եշիլգիւղցի խումբ մը գործատէրեր։ Կարապետ Հեմենկիւլ, Յակոբ Սվաճըօղլու, Յովսէփ Արզուման, Մայք Զընկըք, Սիւլէյման Պարլըք եւ Մուրատ Եըլմազ Պատրիարքարան փութացած էին մեր Հոգեւոր Պետին «անցեալ ըլլայ» ըսելու։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ այս շրջանին կը սկսին նոր եղանակի գործունէութիւնները։ Ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը ջանք կը գործադրէ, որպէսզի բազմակողմանի աշխատանքը վերականգնուի միութեան յարկէն ներս։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ աշխատիլ՝ ձեռքբերումներ ապահովելու համար եկեղեցապատկան կալուածներու արդիւնաւէտ արժեւորման ճանապարհին։ Ինչպէս ծանօթ է, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները այս շրջանին ձեռնամուխ եղած են եկեղեցապատկան զանազան կալուածներու վերանորոգման աշխատանքին, ինչ որ յաջորդ քայլափոխին նոր ու կայուն հասոյթներու դուռ բանալու հեռանկարը կը ստեղծէ։
Գումգաբուի մէջ Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբին համար կարեւոր տնօրինութիւն:
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները։
Գրող Լետա Պոյաճըի գիրքերը կը շարունակեն ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Ան ցայսօր հեղինակած երկու գործերով արդէն ունի համակիրներու անանտեսելի շրջանակ մը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցաւ յիշատակութիւն մը։ Այսպէս, երէկ կղզիի բարձունքին Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Վաղը համայնքային շրջանակները ժամադրուած են Գումգաբուի մէջ։ Թաղի Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տեղի կ՚ունենայ աւանդական մատաղօրհնութիւնը։ Դպրոցի պիւտճէն հաւասարակշռելու նպատակով հերթական անգամ կը կատարուի հանգանակութիւն։