ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արուշ Թաշի, որոնց միացած էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ գումարուած Պատկ. Կրօնական ժողովը նկատի ունենալով տիրող համավարակի պայմանները, մօտալուտ Աւագ շաբթուան առթիւ յետ խորհրդակցութեան որոշեց ստորեւի կարգադրութիւնները ի գործ դնել։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը մեկնաբանեց Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանի վերջին դատավճիռը. «Ընտրութեան համար չենք կրնար կանխատեսել դատական գործընթացներու ժամկէտը, բայց մեր համայնքը պէտք է անյապաղ պատրաստուի ապագայի»:
Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան հերթական համագումարը։ Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ գլխաւորուած այս քաղաքական ուժի արդէն 7-րդ համագումարն էր այս մէկը։
Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց իրաւաբաններ՝ Սեդրակ Տավութհանն ու Սեպուհ Ասլանկիլը։
Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանին կողմէ արձակուած վերջին վճռին արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, դատարանի վճիռով անվաւեր ճանաչուած էին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած երկու շրջաբերականները։
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է յատկանշական գիրք մը։ «Մարդը գործին մէջէն. Աքսորականի գաղտնի օրագիր» կը կոչուի այս գործը, որու հեղինակն է Լեռ Կամսար։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հասարակական ծառայութեան ծիրէն ներս, համայնքիս կարիքաւոր ընտանիքներու համար յատկացուած 567 զոյգ օժանդակութեան տոմսը, այս շաբաթ հասաւ Պատրիարքարան։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ այս տարի եւս կազմակերպած է քէրմէս մը։ Սա դպրոցին ի նպաստ աւանդական ձեռնարկ մըն է, սակայն, այդ աւանդութիւնը կը պահպանուի բոլորովին նոր միջոցներով։