«ՔՈՒԼԻՍ. ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՅԱԿՈԲ ԱՅՎԱԶ»
Կալաթասարայի «Եափը Քրետի» մշակոյթի եւ գեղարուեստի կեդրոնէն ներս այս օրերուն բացուած է յատկանշական ցուցահանդէս մը, որ կը կոչուի «Քուլիս. թատերական յիշողութիւն մը, Յակոբ Այվազ»։ Թրքահայութեան արդի պատմութեան մէջ հանգուցեալ Յակոբ Այվազ եղած է կարեւոր դէմք մը՝ գեղարուեստի եւ հրատարակչութեան ոլորտներու մէջ ծաւալած գործունէութեամբ։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը տեղեկութիւններ հրապարակեց շաբաթավերջին՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան արդիւնքներուն շուրջ։
Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած ամանորեան քէրմէսը, որ նախատեսուած էր երկու փուլով՝ երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մթնոլորտին մէջ աւանդական քէրմէսը այս տարի կազմակերպուեցաւ առցանց։ «Instagram»ի միջոցաւ կեանքի կոչուած աննախընթաց ծրագիր մը եղաւ այս մէկը։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ Համայնքիս անդամներուն աջակցութեամբ՝ համավարակի շրջանին կարօտ ընտանիքներու օժանդակեց հազարաւոր ծրարներով։
Համաճարակի խիստ սահմանափակումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ առցանց քէրմէս:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերջին շրջանի յայտարարութիւններով դարձեալ Թուրքիոյ օրակարգին վրայ բերած է ժողովրդավարութեան կատարելագործման եւ այս ուղղութեամբ նոր բարեփոխումներու իրականացման հարցը՝ որպէս յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւն։ Ըստ երեւոյթին, այս ծիրին մէջ կը վերարժեւորուին երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու առկայ խնդիրները։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ մասնակցեցաւ հոգելոյս երեսփոխան Մարգար Էսաեանի մահուան քառասնից լրման առթիւ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեան, որ կատարուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, շաբաթավերջին, ձեռամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Արարողութեան մասնակցեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ քահանայ հայրեր։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Մեսուտ Էօզտեմիրի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը:
Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային հանրածանօթ բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իսկ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։