ՆԵԼԼԻ ԵԸԼՏԸՐԸՄԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏԻ ԿՈՉՈՒՄ ՆՈՒԱՃԱԾ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն Նելլի Եըլտըրըմեան մասնագիտացած է բերանի, ատամներու եւ կզակի վիրահատութեան ճիւղին մէջ։
Նելլի Եըլտըրըմեան, որ 1991 թուականին ծնած է Իսթանպուլի մէջ, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի սաներէն է։
Կը տեղեկանանք, որ մեր երաժշտական աշխարհի յայտնի անուններէն Մարի Պարսամեան վերջերս փրոֆէսէօրի կոչում նուաճած է։ «Մարմարա» համալսարանէ ներս, գեղարուեստի կրթութեան բաժնի երաժշտական ուսուցման մասնաճիւղի բազմամեայ դասախօսներէն էր Մարի Պարսամեան, որ ունէր տոցենթի աստիճան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Արթօ Արսէնեան զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակին։ Շուրջ շաբաթ մը առաջ իր մօտ ախտաճանաչուած էր ժահրը եւ ան անմիջապէս առնուած էր դարմանման տակ։
Կեդրոնականի ընտանիքը կը պատրաստուի այս շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան։ Պատմական դպրոցին համար հերթական անգամ նախատեսուած է հանգանակութիւն։
Վերջերս կալուածի մը վերաբերեալ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ու Գարակէօզեան Տան միջեւ գոյացած տարակարծութեան կապակցութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, նախընթաց օր տեղի ունեցաւ երկխօսութեան հանդիպում մը։
Ինչպէս ծանօթ է, 14 հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12304 համար եւ 26 հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12311 համար զեկոյցներով, մերազն ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան յանձնուած էր քորոնաժահրի մասին զգուշացումներ։
Պէզճեան Մայր վարժարանը այս տարի ռոպոթիքի աշխատանոցով մը օժտուած է։ Մեր համայնքէն Կիրակոս Ալճալի բարերարութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը՝ ի յիշատակ իր հոգելոյս կողակցին Մարին Ալճալի։
Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը։ Պատգամաւորը այս կապակցութեամբ հարցադրում մը ներկայացուց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյին։